2012-05-24 13:46:04

Սլավ Առաքեալներու` Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս Սուրբերու 1150-րդ Յոբելեանը
Միջազգային Համաժողով Հռոմի Մէջ։


Քահանայապետական Արեւելեան Իսնտիտուտի եւ Հռոմի Յիսուսեաններու Գրիգորեան Համալսարանի նախաձեռնութեամբ՝ 2013-ի 25 եւ 26 փետրուարին Միջազգային Համաժողով մը պիտի կազմակերպուի նշելու՝ 1.150րդ տարեդարձը, Սուրբ Կիւրեղ Եւ Մեթոտիոս եղբայրներու ՜՜Մեծ Մորավիայի՝՝ թագաւորութիւն մուտքին ։
Միջազգային սոյն համաժողովը կը հովանաւորեն Ժողովուրդներու աւետարանութեան քահանայապետական ժողովի երբեմնի կառավարիչ՝ Կարտինալ Ժոզէֆ Թոմքօ եւ Արեւելեան Ժողովի քարտուղար՝ Շիրիլ Վազիլ Արքեպիսկոպոսը։ << Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս Սուրբերու մուտքը մեծապէս օժանդակեց քրիստոնեայ հաւատքի տարածման Սլավ ժողովուրդներու մէջ >> յատարարած է Կարտինալ Թոմքօ յոյս յատնելով որ Հռոմի համաժողովը աւելիով ճանչցնէ այս սուրբերուն կեանքն ու առաքելութիւնը։
Միջազգային Համաժողովին նախատեսուած է մասնակցութիւնը, ի մէջ այլոց, Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի Նախագահ՝ Կարտինալ ճանֆրանքօ Ռավազիի, Արեւելեան Քահանայապետական Իսնտիտուտի դասատու՝ Սամիր Խալիլ Սամիրի, Աթէնքի Էկզարք գերապայծառ Տիմիթրիոս Սալախասի, Փրակայի Արքեպիսկոպոս՝ Կարտինալ Տոմինիք Տուքայի, Գրագովիայի Արքեպիսկոպոս՝ Կարտինալ Սթանիզլավ Ճիվիչի եւ այլ մասնագետներու։ Խորհրդաղովի ընթացքին շօշափուած նիւթերը պիտի ըլլան Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս Սուրբերու առաքելութեան պատմաքաղաքական միջավայրը. Աստուածաբանական եւ Հովուական հարցեր մեկնելով երկու սուրբերու առաքելութենէն, պիտի խօխափեն նաեւ անոնց եկեղեցական տեսողութիւնը համամիութեան նկատմամբ ու անոնց գաղափարներու եւ դաստիարակութիւններու շարունակութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.